obama- holand  may 2012

ՕՊԱՄԱ- ՀՈԼԱՆՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մերիլենտի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ճարտարարուեստով աշխարհի ամենահարուստ երկիրներու ( Ճի- խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովի ընթացքին նախագահ Պարաք Օպամա հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ եւ քննարկեց ֆրանս-ամերիկեան յարաբերութիւնները: Կարդալ աւելին >>>

french new cabinet 2012 may

ՀՈԼԱՆՏ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԿԸ ԴՆԷ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ

Ֆրանսա նոր պայմաններ ներկայացուց Եւրոպական Միութեան պիւտճէական նոր պայմանագրութեան առջեւ: Ելեւմտական նախարար Փիէռ Մոսքովիս յայտնեց, թէ փաստաթուղթին մէջ անհրաժեշտ է ներառնել տնտեսական աճը խթանող քայլեր, այլապէս Ֆրանսա պիտի չստորագրէ նոր պայմանագրութեան տակ: Կարդալ աւելին >>>

saif

ՍԱՅՖ ԱԼ ԻՍԼԱՄ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐԸ

Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մուամար Քազաֆիի զաւակը՝ Սայէֆ Ալ Իսլամ Քազաֆի տապալեց իր դէմ սկսած դատավարութիւնը: Ան մերժեց գործակցիլ նշանակուած պաշտպան փաստաբաններուն հետ: Այս պատճառով, իշխանութիւնները դադրեցուցին անոր դատավարութիւնը: Կարդալ աւելին >>>

salam fayad  17 may 2012

ԱՊՊԱՍ՝ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՖԱԹՀ կազմակերպութեան կեդրոնական խորհուրդը հաստատեց պաղեստինեան նոր կառավարութեան կազմը: Սոյն քայլը միաժամանակ կու գայ ապացուցելու Համասի հետ միացեալ կառավարութիւն կազմելու փորձերուն ձախողութիւնը: Կարդալ աւելին >>>

micho and  Miko 16  may 2012

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՄԱՐԱԹՈՆԱՅԻՆ ՆԻՍՏ ՄԸ

Յաջորդաբար երկրորդ օրը ըլլալով աստիճանական յարաբերական կը տիրէ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ: Բանակը դանդաղ բայց հաստատ քայլերով կը տարածուի քաղաքին արուարձաններուն եւ «տաքե կրակագիծերուն ուղղութեամբ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր անհանգստութիւնը Կարդալ աւելին >>>

ՕՊԱՄԱ- ՀՈԼԱՆՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

obama- holand  may 2012

Մերիլենտի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ճարտարարուեստով աշխարհի ամենահարուստ երկիրներու ( Ճի- 8) խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովի ընթացքին նախագահ Պարաք Օպամա հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ եւ քննարկեց ֆրանս-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

ՕՊԱՄԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՌԱՋԱՏԱՐ

Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած վերջին հարցախոյզերը ցոյց կու տան, թէ նախագահ Պարաք Օպամա աւելի մեծ առաւելութիւն կը վայելէ քան հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնին:

ՀՈԼԱՆՏ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԿԸ ԴՆԷ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ

french new cabinet 2012 may

Ֆրանսա նոր պայմաններ ներկայացուց Եւրոպական Միութեան պիւտճէական նոր պայմանագրութեան առջեւ: Ելեւմտական նախարար Փիէռ Մոսքովիս յայտնեց, թէ փաստաթուղթին մէջ անհրաժեշտ է ներառնել տնտեսական աճը խթանող քայլեր, այլապէս Ֆրանսա պիտի չստորագրէ նոր պայմանագրութեան տակ: Ան ըսաւ, թէ Ֆրանսա չի հակադրուիր առաջարկուող տնտեսական խնայողութիւններուն, սակայն միաժամանակ կը պահանջէ տնտեսական աճ արձանագրելու խթաններ: Գերմանիա կտրականապէս իր ընդդիմութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի կեցուածքին:

ՌԻԱՏ ՆԱՒԹ ՊԻՏԻ ԱՐՏԱԾԷ ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԷՆ

Սէուտական Արաբիոյ Արամքօ նաւթային ընկերութիւնը նաւթամշակման ծրագիր մը կը պատրաստուի գործադրութեան դնել Կարմիր Ծովուն մէջ: Սոյն ծրագիրին իրագործման համար Արամքօ պիտի ներդնէ 25 միլիառ տոլարի գումար մը: Նախնական տուեալներու համաձայն, Կարմիր Ծովուն մէջ գտնուող նաւթի պաշարները կը գնահատուին 100 միլիառ տակառ:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԱՍԻՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔ

«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ»ի կողմէ աւանդական դարձած այս հարցախոյզին արդիւնքը չի տարբերիր իր նախորդներէն: Արդարեւ, աշխարհի տարբեր ափերու վրայ կազմակերպուած հարցախոյզը կը հետեւցնէ, որ համաշխարհային հանրային կարծիքը բացասական տրամադրուած է Իսրայէլի նկատմամբ:

ՊԱՐԱՔ՝ ԱՍԱՏ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ Է

«Ռասիա -24» հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ, նախագահ Պաշար Ասատ դիտել կու տայ, թէ խորհրդարանական ընտրութիւնները ապացուցեցին, թէ երկրի բնակչութիւնը կը պաշտպանէ իշխող վարչակարգը: « Ընտրութիւնները շատ կարեւոր քայլ են, անոնք խոստացուած բարեկարգութիւններու մէկ մասը կը կազմեն: Սուրիացի ժողովուրդը չվախցաւ ահաբեկիչներու ապառնալիքներէն: Մենք պիտի շարունակենք բարեփոխութիւնները» շեշտեց Սուրիոյ նախագահը: Ասատ նաեւ ըսաւ, թէ Սուրիոյ հողերուն վրայ կան ահաբեկիչներ, որոնց դէմ ստիպուած է շարունակելու պայքարը:

ՄԵՐՔԷԼ ԲԱԽՏԱԽԱՂԻ ՎԵՐԱԾԱԾ Է ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԸ

Յունաստանի ձախ արմատական՝ ՍԻՌԻԶԱ խմբաւորոմի պետ Ալեքսի Ձիպարս յայտարարեց, թէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ «Փոքեր» կը խաղայ Յունաստանի հետ: Ան ըսաւ, թէ տնտեսական խնայողութեան դիմելու Մերքէլի քաղաքականութիւնը Յունաստանէն պիտի տարածուի համայն Եւրոպայի մէջ: Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, Ձիպարս առաւելագոյն ձայները պիտի ապահովէ Յունաստանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

ՍԱՅՖ ԱԼ ԻՍԼԱՄ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐԸ

saif

Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մուամար Քազաֆիի զաւակը՝ Սայէֆ Ալ Իսլամ Քազաֆի տապալեց իր դէմ սկսած դատավարութիւնը: Ան մերժեց գործակցիլ նշանակուած պաշտպան փաստաբաններուն հետ: Այս պատճառով, իշխանութիւնները դադրեցուցին անոր դատավարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

*Պէյրութի շրջանի երեսփոխանները, որնց մէջ ընկեր Սեպուհ Գալփաքեան նիստ մը գումարեցին խորհրդարանին մէջ եւ քննարկեցին լիբանանեան բեմին վերջին զարգացումները:
* Զինուորական ատեանին մօտ պետութեան դատախազ Սաքր Սաքր մերժեց Շետի Մաուլաուին ազատ արձակելու դիմումը: Սաքր յայտնեց, թէ Մաուլաուի նոր հարցաքննութեան պիտի ենթարկուի յառաջիկայ Երեքշաբթի օր:

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԸԼԷՅՄԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՏՆԷ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄՈՒԾՈՒՄԸ

Հիւսիային Լիբանանի ապահովական իրավիճակը իր մանկընթացութիւնով եւ տեղատուութեամբ շուքի տակ կը պահէ երկրին առօրեան: Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման հետեցաւ Թրիփոլիի զարգացումներուն: Ան հեռաձայնային մնայուն հաղորդակցութեան մէջ մնաց բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Ժան Քահուաճիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: